2012-04-12 12:22:27

Միջազգային Հասարակութիւնը Պարտական է Ս. Երկրի Բոլոր Բնակիչներուն` Երաշխաւորել Իսկական Ազատութիւն։


Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչը, Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին կը Մատնանշէ Թէ Միջազգային հասարակութիւնը պարտական է երաշխաւորելու Ս. Երկրի բոլոր բնակիչներուն` իսկական ազատութիւն ու Միջին Արեւելքին բնակիչներուն համար կը խնդրէ բարիքներու աւելի արդար բաշխում։

Կարտինալ Սանտրիի գնահատումով միջազգային հասարակութիւնը պէտք է սատարէ իսկական ազատութեան իրականացումին Ս. Երկրի բոլոր բնակիչներուն համար ու պէտք է աշխատի շրջանի խաղաղութեան որակին ի սպաս։
Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչը նաեւ ըսաւ որ միջին արեւելքի բոլոր բնակիչները պէտք են մասնակցիլ տնտեսական հարստութիւններուն։ Հուսկ անդրադառնալով արաբական գարունի եւ մասնաւորապէս Եգիպտոսի ու Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի մասին, Վատիկանի դիւանագէտը կոչ ուղղեց որ վերջ դրուի բռնութիւններուն, որուն առաջին զոհերն են մանուկներն ու կիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.